2013-12-09 14:22:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 դեկտեմբերի Գործունէութիւնը` Քոնկոյի Նախագահը Վատիկանի մէջ։


Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Տէնիս Սասսու Նկէսսօ ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Յայտնենք որ 70 ամեայ Քոնկոյի նախագահը, Վատիկան այցելութիւն տուած էր նաեւ մայիս 2010-ին, Պետետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։ Նախ քան Հռոմ ժամանելը Նախագահը, 6 եւ 7 դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ, մասնակցած էր Ափրիկէի խաղաղութեան նուիրուած վեհաժողովին։ Տիար Նկէսսօ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինին հետ։ Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քոնկոյի հասարակութեան ի սպաս սատարի մասին, յատկապէս դաստիարակչական եւ բարեսիրական մարզերէն ներս ինչպէս նաեւ երկու Պետութիւններու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու մասին։
Զրոյցի նիւթ եղան նաեւ` Կեդրոնական Ափրիկէի զանազան հարցերը, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականութեան եւ ապաստանեալներու իրավիճակի եւ շրջանի ապհովութեան հարցերու մասին։
Քոնկոյի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն` Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը, Կարտինալ Էլիօ Զկրէչա` Կեանքի Քահանայապետական Ակատեմեայի նախագահ եւ գերապայծառ Ճանպաթիսթա Տի Քուաթրօ` Պոլիվիայի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.